2015-09-18 09:17:00

''Աշխարհը արթուն պահեցէք''` Երիտասարդ Նուիրեալ անձերու տօնախմբութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 18 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 20,30-ին, երիտասարդ Նուիրեալ Անձերու հաւաքին ծիրէն ներս, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ  տօնախմբութիւն մը` երգեցողութիւններով ու վկայութիւններով, ''Աշխարհը արթնցուցէք'' բնաբանով։

Երիտասարդ նուիրեալ անձերու հաւաքը սկիզբ առաւ Հռոմի մէջ անցեալ  15 սեպտեմբերին ` ունենալով որպէս բնաբան. ''Աշխարհը  արթուն պահեցէք, Աւետարան, մարգարէութիւն եւ յոյս։ Հանդիպումը կայացաւ նախաձեռնութեամբ  ''նուիրեալ անձերու'' ժողովին որուն բացումը կատարեց Նուիրեալ անձերու ժողովին կառավարիչը Կարդինալ João Braz de Aviz Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցող աղօթքի հսկումի ընթացքին։ Սահմանակիցները ապա առիթ ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին։

Հաւաքը կ՛եզրափակուի շաբաթ 19 սեպտեմբերին, Կարդինալ João Braz de Avizին Սուրբ Պետրոսի աւագ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.